2016-05-15 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Պենտեկոստէի տօնին քարոզը ` ''Որբ պիտի չթողում ձեզ'' (Յովհ 14,18)


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 15 Մայիս 2016-ին, տօնն է Հոգեգալստեան։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեն ժամը 10-ին, Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանուեցաւ նաեւ Հայերէն լեզուով աղօթք մը նուիրուած դժուարութեան մէջ ապրող բոլոր քրիստոնեաներուն, հայցելով  անոնց համար Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը որպէսզի փորձանքներու եւ հալածանքներու դիմաց` զանոնք դարձնէ անվախ, եւ անոնց վեհանձն զոհաբերումը վերակենդանացնէ գաղջ հոգիներու հաւատքը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. Յիսուս առաքելութիւնը որուն գագաթնակէտը հանդիսացաւ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւումը ունէր հիմնական կէտ նպատակ ''վերազօդել մեղքի պատճառաւ խզուած հօր հետ մեր յարաբերութիւնը, մեզ ազատագրել որբերու մեր վիճակէն ու վերստին պարգեւել զաւակներու իրավիճակը''։ Արդարեւ Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. բոլոր անոնք որոնք առաջնորդուած են Աստուծոյ Սուրբ Հոգիէն, անոնք Աստուծոյ զաւակներ են''։

Սուրբ Հոգին տրուած է Հօրմէն ու մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Հայրը, ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ համայն փրկագործութեան ծրագիրը ''վերածնունդի'' ծրագիր մըն է որուն մէջ Աստուծոյ հայրութիւնը, իր Որդոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւումով, մեզ կ՛ազատագրէ որբութենէն որուն մէջ ինկած ենք։

Այսօր եւս, ըսաւ հուսկ Քահանայապետը, կան որբութեան նշաններ, ներքին առանձնութիւնը որ կ՛ապրինք նոյնիսկ ամբոխին մէջ, այդ Աստուծմէ հեռու ենթադրեալ մեր ինքնավարութիւնը, այդ տարածուած հոգեւոր անգրագիտութիւնը որուն մէջ կը գտնուինք...այդ յոգնութիւնը որով դժուարաւ միւսը կը ճանչնանք որպէս եղբայր մը եւ այլ նշաններ։ Այս բոլորին կը հակազդէ մեր զաւկի վիճակը որ մեր սկզբնական կոչումն է եւ որ պահանջեց Միածինին զոհաբերումը։ Եւ այդ անհուն սիրոյ պարգեւէն` որ է Յիսուսի մահը խաչին վրայ, ի յայտ եկաւ համայն մարդկութիւնը` նման շնորհքներու հսկայական ջրվէժի` Սուրբ Հոգւոյն զեղումը։

` ''Որբ պիտի չթողում ձեզ''։ Այսօր տօնն է Պենտեկոստէի, ըսաւ ապա Քահանայապետը իր քարոզին աւարտին, ակնարկելով այս խօսքերուն որոնք մտաբերել կու տան նաեւ Վերնատան մէջ Մարիամի ներկայութեան։ Յիսուսի Մայրը  աղօթքի մէջ համախմբուած իր աշակերտներուն հետ։ Ան Մայրն է Եկեղեցւոյ։ Անոր բարեխօսութեան կը յանձնենք յատկապէս բոլոր քրիստոնեաները, ընտանիքները, հասարակութիւնները, որոնք այս պահուս աւելի կարիք ունին Սուրբ Հոգւոյ զօրութեան` մխիթարիչը, Պաշտպանը, Հոգի Ճշմարտութեան, ազատութեան եւ խաղաղութեան։

Հոգին այնպէս կ՛ընէ որ մենք պատկանինք Քրիստոսին ու մեր այս պատկանելիութիւնը ամրապնդելով մեզ կը մղէ մաս կազմելու եղբայրութեան ուժաբանութեան։ Ու մեր տիեզերական Անդրանիկ Եղբօր միջոցաւ` որ է Յիսուս, կրնանք իրարու հետ յարաբերուիլ դարձեալ, ոչ որպէս որբեր, այլ որպէս զաւակներ միեւնոյն բարի եւ ողորմած Հօր։ Կրնանք իրարու նայիլ որպէս եղբայրներ ու մեր տարբերութիւնները կը բազմապատկեն մեր ուրախութիւնն ու հրճուանքը պատկանելու այս միայնակ հայրութեան եւ եղբայրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.